ՈՉ ԵՒՍ Է ՈՐԴԻՔ ՄԿՐՏԻՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին խոր ցաւ յառաջացուց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանի մահը։
Վարջին տարիներուն Որդիք Մկրտիչ Փափազեան թէեւ ունէր փխրուն առողջութիւն մը, սակայն, ամէն ինչ հնարաւորինս վերահսկելի հունի մը մէջ կ՚ընթանար։ Դժբախտաբար, յանկարծ իր առողջական վիճակը վերահսկողութենէ դուրս եկաւ եւ ան աչքերը անակնկալօրէն փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Որդիք Մկրտիչ Փափազեան Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներս յանձնառութիւններով համայնքին բազմակողմանի ծառայութիւն մատուցած երախտաշատ ազգային գործիչ մըն էր։ Անձնական կեանքի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով եւ այդ աշխատանքին զուգահեռ միշտ ժամանակ կը գտնէր համայնքին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալելու համար։ Աստիճան առ աստիճան պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր եւ արդէն հասած էր մինչեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետի պաշտօնին։ Մինչ այդ, 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութիւններուն Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւոր ալ ընտրուած էր Ֆէրիգիւղէն։
Որդիք Մկրտիչ Փափազեան ընտանեկան տիպար հայր մըն էր, իսկ իր նկարագիրով ընկերային շրջանակէն ներս կը վայելէր մեծ սէր ու համակրանք։
Այսօր երբ իր ընտանիքն ու համայնքային շրջանակները կը պատրաստուին իրեն հրաժեշտ տալ, արդէն այդ բոլորը կը վերյիշուին խոր երախտագիտութեամբ եւ իրեն նկատմամբ նոյնքան մեծ համակրանքի թարմացումով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Որդիք Մկրտիչ Փափազեանի բարի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին, որուն երկար տարիներ սիւներէն եղած էր հանգուցեալը։