ԱՐՏԱԴՐԱԿԱՆ ԵՌՈՒԶԵՌ
«Եւրասիա» հիմնարկութեան կողմէ հովանաւորուած Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ծրագրին շրջագծով թափով յառաջ կը տարուի «Թուրքիա-Հայաստան. փակ սահմանի երկխօսութիւն» խորագրեալ նախագիծը, որու ծիրէն ներս ներկայիս կը պատրաստուի փաստավաւերագրական ժապաւէն մը։ Թուրքիայէն՝ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) եւ Հայաստանէն՝ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ, գործընկերութեամբ կ՚իրականացուի այս ժապաւէնին արտադրութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր քաղաքիս մէջ կը գտնուէին ժապաւէնը արտադրող խումբին ներկայացուցիչները։ Այս շրջագծով առաջին հերթին քանի մը օրուան համար Իսթանպուլ այցելեցին «Վերսուս Սթիւտիօ»ի տնօրէնուհի Սաթենիկ Ֆարամազեան եւ բեմագիր Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այս վերջիններուն միացած էին նաեւ բեմադրիչ Արա Շիրինեան եւ նկարահան Ռոպէրթ Խարազեան։ Ֆարամազեանի եւ Պասկեւիչեանի վերադառնալէն վերջ շուրջ տասը օր Արա Շիրինեան եւ Ռոպէրթ Խարազեան խտացեալ աշխատանք տարին՝ Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ կատարելով նկարահանումներ, բազմաթիւ տեսակցութիւններու առընթեր։ Յանուն Tarih Vakfı-ի այս ծրագրի համակարգման պատասխանատուութիւնը ստանձնած լուսանկարիչ Մեսուտ Եաշար Թուֆանի առընթեր խումբին ընկերացաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
Երեւանէն ժամանած հիւրերը ողջունելու համար Tarih Vakfı-ի Սիրքէճիի կեդրոնատեղիին մէջ շուրջ երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած էր անմիջական մթնոլորտով հաւաքոյթ մը։ Երէկ ալ նոյն խումբը, նոյնպէս անմիջական մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ՝ այս անգամ հրաժեշտ տալու համար Արա Շիրինեանին եւ Ռոպէրթ Խարազեանին։ Երեւանէն ժամանած հիւրերուն առընթեր, խմբագրատունս փութացին նաեւ Tarih Vakfı-ի նախագահ Փրոֆ. Պիւլենտ Պիլմէզ, ընդհանուր քարտուղարուհի Միւնէվվէր Էմինօղլու եւ Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ կատարուած համապարփակ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան կապակցութեամբ։ Ընդգծուեցաւ, որ այս ժապաւէնը իսկապէս մշտական արժէք մը պիտի ըլլայ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու դիտարկման ճանապարհին։
Յառաջիկայ օրերուն ալ Երեւանի մէջ պիտի շարունակուին նկարահանումները։ Այժմու կանխատեսումներով, յառաջիկայ ամրան այս ժապաւէնի արտադրութիւնը հասած պիտի ըլլայ իր աւարտին։
Արա Շիրինեան եւ Ռոպէրթ Խարազեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրաժեշտ առին քաղաքէս, Վրաստանի վրայով Հայաստան վերադառնալու համար։