ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԸ

Մեծ Պա­հոց Մի­ջին­քին առ­թիւ Թագ­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, զոր մա­տոյց Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը։ Ա­ւե­լի վերջ նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց կազ­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը՝ Եըլ­տը­զի պու­րա­կի «Վե­րա փարք» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Ներ­կայ էին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Տ. Գէորգ Արք. Խա­զու­մեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Հայ կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւս հա­մախմ­բուած էին սե­ղան­նե­րուն շուրջ, բազ­մա­թիւ հիւ­րե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ա­ռըն­թեր։ 

Ճաշ­կե­րոյ­թը սկսաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։ Ա­պա սրտի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տիկ­նանց կազ­մէն Մա­րի Մի­մար։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան եւ Պեռ­նար Սա­րը­պայ։ Վեր­ջինս յայտ­նեց, թէ Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից տա­րած­քին կա­ռու­ցուե­լիք շէն­քին ար­տօ­նա­գի­րը շու­տով պի­տի հաս­նի եւ պի­տի վերսկ­սին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ընդգր­կեն նաեւ բուն հի­ւան­դա­նո­ցի նոր շէն­քին կա­ռու­ցու­մը։ 

Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ տի­կին­ներն էին Մա­րի Մի­մար, Մարգ­րիտ Թէր­տէ­քեան, Գա­րօլ Թէր­զիօղ­լու, Ա­րու­սեակ Սուլ­թա­նօղ­լու եւ Ի­վէթ Տիլ­լի։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015