ՄԱՆԿԱՆՑ ԼԻԿԻՆ ՄԷՋ ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԿԱԶՄԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի կազ­մը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մա­նուն գա­ւա­ռա­կէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի ման­կանց լի­կին։ Մրցա­շար­քը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տո­ղա» գո­լէ­ճի գի­տա­կան դպրո­ցէն ներս։ Մին­չեւ տասն­մէկ տա­րե­կան մար­զիկ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան մրցա­շար­քին, ո­րու ար­դիւն­քին Շիշ­լիի կազ­մը հան­դի­սա­ցաւ ա­ռա­ջին։ 

Տա­վիտ Իւ­կէ, Ա­րիս Տիգ­րան Նշան, Ռու­բէն Թո­րոս, Մա­սին Գա­րա, Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլ, Լի­տիա Փո­լատ, Նի­քոլ Լա­րա Գա­րա­գուշ եւ Ա­րի Ար­ման Գա­յաօղ­լու մաս կազ­մե­ցին Շիշ­լիի խում­բին։ Ա­նոնք ի­րենց ար­ձա­նագ­րած այս յա­ջո­ղու­թիւ­նով ի­րա­ւունք շա­հե­ցան նաեւ մաս­նակ­ցե­լու Իս­թան­պու­լի ճատ­րա­կի ման­կանց լի­կի ա­ւար­տա­կա­նին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 11-12 Ապ­րի­լին։ 

Շիշ­լի­ցի­նե­րը մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին բե­մին վրայ պաս­տառ մը պար­զե­ցին՝ վեր­յի­շե­լով ի­րենց վա­ղա­մե­ռիկ խա­ղըն­կե­րը՝ Ա­լեքս Տաղ­լեա­նը, ո­րու ան­ցեալ տա­րուան ան­ժա­մա­նակ մա­հը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած էր բո­լո­րին։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք բո­լոր շիշ­լի­ցի­նե­րը եւ ի­րենց կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015