ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը՝ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկողու­թեամբ, կա­տա­րե­ցին օգ­տա­շատ եր­կու պտոյտ­ներ, որ­պէս­զի զար­գաց­նեն  դպրո­ցի մէջ ի­րենց սոր­ված գի­տե­լիք­նե­րը:

Վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ե­շիլ­գիւ­ղի Օ­դա­գնա­ցու­թեան թան­գա­րա­նը, ուր ծա­նօ­թա­ցան բազ­մա­թիւ տե­սա­կի օ­դա­նա­ւե­րու։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք ա­ռիթն ու­նե­ցան մտնե­լու օ­դա­նա­ւե­րու մէջ ու ծա­նօ­թա­նա­լու օ­դա­չուե­րու հետ, ո­րոնց­մէ ստա­ցան զա­նա­զան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ: Ա­շա­կերտ­նե­րը բազ­մա­թիւ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին օ­դա­չուին ու պտը­տե­ցան ա­նոր խցի­կը եւ խան­դա­վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձան դպրոց:

Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ  Սիր­քե­ճիի շո­գե­կառ­քի կա­յա­րա­նը: Ա­նոնք հոն տե­սան ան­ցեա­լէն  մին­չեւ այ­սօր զա­նա­զան տե­սա­կի շո­գե­կառ­քե­ր, ո­րոնց մէջ շրջե­լու ա­ռիթն ու­նե­ցան ու հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան ա­նոնց մա­սին:

Այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը մեծ հա­ճոյք պատ­ճա­ռե­ցին Թոփ­գա­բուի փոք­րիկ սա­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար դար­ձան օգ­տա­շատ գի­տե­լիք­նե­րու աղ­բիւր։​

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016