ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԶՐՈՒՑԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ պոլսահայ կրթական մշակներու աշխատանոց մը, որ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ: Համայնքային վարժարաններէն հայերէնի եւ դասարանի ուսուցիչներ մասնակցեցան այս հաւաքին, որու ատենախօսն էր՝ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Ուսուցչաց միութեան անունով բացումը կատարեց վարչութեան փոխ-ատենապետ Գարեգին Պարսամեան, որ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցութեան համար եւ բացատրութիւններ տուաւ միութեան ծրագիրներուն մասին։
Զեքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ հայերէնի ուղղագրական հարցերուն, նաեւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կարեւորոթեան մասին: Ան մատնանշեց, որ լեզու մը սորվիլը կենդանի միջավայրի մը մէջ գտնուելէ կախեալ է:
Յաջորդած հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ եւս ծեծուեցան օրուան օրակարգին առընչակից զանազան նիւթեր։ Աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում։
Երկու շաբաթ վերջ նախատեսուած է նման ձեւաչափով այլ հանդիպում մը եւս։