ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը ներ­կա­յիս կ՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Գա­րա­կէօ­զեան Տան պար­տէ­զին մէջ նա­խա­տե­սուած է մաս­նա­ւոր ձեռ­նարկ մը՝ որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ըմ­բոշխ­նեն այս խան­դա­վառ յո­բե­լեա­նին, այս յատ­կան­շա­կան հանգ­րուա­նին առ­թած ու­րա­խու­թիւ­նը։

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն աշ­խոյժ եւ հա­մակ­րե­լի դէմք մը՝ Նաժ­տա Շա­տեա­նը, որ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր յա­նուն յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թեանց կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նաժ­տա Շա­տեան մե­զի տե­ղե­կա­ցուց, թէ մօ­տա­լուտ հա­ւա­քոյ­թով պի­տի յայ­տա­րա­րուի սկիզ­բը յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ծրագ­րին։ Այս առ­թիւ պի­տի ցու­ցադ­րուի «Հօ­րե­նա­կան տունս» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը, որ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ ներ­թա­փան­ցե­լու հա­մար այս յիս­նա­մեա­կի խոր­հուր­դին։

Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ա­ռանց­քա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր այս կա­ռոյ­ցը կ՚ա­պա­հո­վէ, որ մեր հա­մայն­քի հա­մեստ խա­ւե­րէ ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րը կա­րե­նան տա­քուկ բոյ­նի մը մթնո­լոր­տին մէջ ան­ցը­նեն ի­րենց ար­ձա­կուր­դը։ Ան­տա­րա­կոյս, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լուած մեր մա­նուկ­նե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին կա­րե­ւոր գոր­ծօ­նի մը կը վե­րա­ծուի՝ մեր հա­մայն­քին, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն փա­րած մնա­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Կազ­դուր­ման կա­յա­նի յիս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին եւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն Ար­թին Քի­լէ­ճիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հո­գա­տար մարմ­նին։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016