ԱՆՎԵՐՋ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այ­սօր կը վե­րա­դառ­նայ Մար­սէյ­լէն եւ քա­ղա­քիս մէջ կը մաս­նակ­ցի Ա­ւագ շաբ­թուան եւ Ս. Զատ­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այն­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ քա­ղաքս կը վե­րա­դառ­նայ, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նակուի՝ ան­վերջ հար­ցա­կան­նե­րով։

Ե­րէկ, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան քա­ղաքս ժա­մա­նե­լու ըն­դա­ռաջ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ան վերջ­նա­կա­նօ­րէն մեր­ժեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ նա­խորդ շա­բաթ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռա­ջար­կը։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը նշեց, որ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռա­ջար­կը խոր­քին մէջ առ ո­չինչ կը հա­մա­րէ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի կամքն ու ո­րո­շու­մը, միայն ա­ռե­րես կը ճանչ­նայ տե­ղա­պա­հի օ­րի­նա­ւոր ընտ­րու­թիւ­նը, կը զրկէ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը բո­լոր իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րէն ու կը փոր­ձէ օ­րի­նա­կա­նաց­նել «պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի» պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լու իր յա­մա­ռու­մը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հրա­պա­րա­կած է ի­րեն ներ­կա-­յա­ցուած հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խագ­ծին ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ։ Բաց աս­տի, ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին կող­մէ պոլ­սա­հայ մամ­լոյ եւ հան­րու­թեան յանձ­նուած պատ­կան նա­մակն ալ յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս կը ներ­կա­յաց­նենք նոյ­նու­թեամբ։

Այս­պէ­սով յայտ­նի կը դառ­նայ, որ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պը պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017