ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի հան­դէս մը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս նա­խակր­թա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը։ Ա­նոնք գոյնզ­գոյն տա­րազ­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը։ Ծաղ­կա­զար­դէն սկսեալ մին­չեւ Ա­ւագ շաբ­թուան իւ­րա­քան­չիւր օ­րուան ի­մաս­տը՝ փոք­րիկ­նե­րը բա­ցատ­րե­ցին ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ եւ խմբերգ­ներ։ Աշ­խա­տա­նո­ցի բա­ժին մըն ալ ու­նէր Ս. Զատ­կի այս խրախ­ճան­քը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը ներ­կե­ցին հաւկ­թա­ձեւ բար­ձեր։

Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու հան­դէ­սի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր փոք­րիկ­նե­րը եւ գնա­հա­տեց հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած կրթա­կան մշակ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017