ՁԱԽՈՂԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԾԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած, սա­կայն Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի կող­մէ մեր­ժուած հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գի­ծը, ո­րուն մա­սին զա­նա­զան լու­րեր հրա­պա­րա­կուե­ցան վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին մէջ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց այդ ձա­խո­ղած նա­խագ­ծի ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

*

Մենք ներ­քոս­տո­րագ­րեալ­ներս՝ Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Պեք­ճեան (Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ եւ ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան) եւ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան (Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ եւ լու­սա­րա­րա­պետ) ի շա­րու­նա­կու­թիւն 3 Ապ­րիլ 2017, Եր­կու­շաբ­թի, Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ մեր ու­նե­ցած խորհր­դակ­ցու­թեան՝ ո­րո­շած ենք ստո­րագ­րել եւ հրա­պա­րա­կել հե­տե­ւեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։

Ա- 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վի ար­դիւնքն ու յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ծա­նօթ են բո­լո­րին։ Հա­մա­միտ ենք, որ ո­րե­ւէ ար­գելք գո­յու­թիւն չու­նի ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նի կո­չուե­լուն հա­մար՝ միայն թէ անհ­րա­ժեշտ է պե­տու­թեան կող­մէ հա­մա­պա­տաս­խան ըն­թա­ցա­կար­գի մը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նա­լը։ Ուս­տի, նկա­տի կ՚առ­նենք պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն գրա­ւոր ու բա­նա­ւոր ձե­ւով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը։ Հա­մո­զուած ենք, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը ի կա­տար պի­տի ա­ծուի՝ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նո­նին, մեր Պատ­րիար­քու­թեան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու նա­խըն­թաց­նե­րուն եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէնսդ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մադ­րու­թեամբ։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ ներ­կայ պայ­ման­նե­րով պե­տու­թիւ­նը որ­պէս պաշ­տօ­նա­կան միակ երկ­խօս կը ճանչ­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նը եւ զին­քը կը նկա­տէ պաշ­տօ­նի գլուխ՝ բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով, մենք եւս յար­մար կը դա­տենք որ­դեգ­րել զու­գա­հեռ դիր­քո­րո­շում մը։ Հե­տե­ւա­բար, մին­չեւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ Թուր­քիոյ հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի սկիզ­բին հա­մա­ձայ­նե­ցու­մը՝ Ա­թո­ռի կա­ռա­վար­ման ներ­կայ դրու­թիւ­նը կը պա­հուի ան­փո­փոխ։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը պաշ­տօ­նի կը կո­չուի նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նարկ­ման փու­լին ու մինչ այդ կը ճանչ­նայ պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը, բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով, որ­պէս­զի ե­րաշ­խա­ւո­րուի ընտ­րու­թեան հե­ռանկա­րը։ Իր կար­գին, Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդն ալ պատ­րաս­տա­կամ է՝ ճշդուած ժամ­կէ­տով պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան հեր­թը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն փո­խան­ցե­լու ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին, ա­մե­նայն վստա­հու­թեամբ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով։

Յետ պաշ­տօ­նի փո­խանց­ման, Տ. Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան կը շա­րու­նա­կէ իր լու­սա­րա­րա­պե­տի պաշ­տօ­նը՝ ըստ Ն­.Ա.Տ. Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Հօր կող­մէ տրուած լիա­զօ­րագ­րին։

Բ- Այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը հե­տա­մուտ է կար­գա­ւո­րել լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը ո՛չ միայն պե­տու­թեան հետ ա­ռըն­չա­կից հար­ցե­րու շուրջ, այլ նաեւ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ներ­քին, ըն­թա­ցիկ կամ ար­տա­կարգ նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին։ Մին­չեւ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին գործ­նա­կա­նօ­րէն պաշ­տօ­նի ձեռ­նար­կե­լը՝ թրքա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րը կը գոր­ծեն պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի իշ­խա­նու­թեան տակ։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը յանձն չ՚առ­ներ ո­րե­ւէ ո­րոշ­ման փո­փո­խու­թեան կամ վե­րա­նայ­ման պա­հանջ յա­ռաջ քա­շել՝ հո­գե­ւոր հայ­րե­րու կամ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի վե­րա­բե­րեալ ե­կե­ղե­ցա­վար­չա­կան կամ ելմ­տատն­տե­սա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու եւ տնօ­րի­նու­թիւն­նե­րու շուրջ։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռէն ներս երկգլ­խա­նի վի­ճա­կի մը կամ նման տպա­ւո­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը կան­խե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ ներ­քոս­տո­րագ­րեալ­նե­րուս կող­մէ կը ցու­ցա­բե­րուի ա­ռա­ւե­լա­գոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը ո­րե­ւէ ձե­ւով սկզբուն­քօ­րէն շու­քի տակ չի թո­ղուր ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի գո­յու­թիւ­նը եւ հա­մա­ձայ­նե­ցուած պա­հուն գոր­ծու­նէու­թեան մեկ­նար­կի հե­ռան­կա­րը։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը յանձն կ՚առ­նէ փու­թով պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ կա­տա­րել անհ­րա­ժեշտ դի­մում­նե­րը եւ հե­տա­մուտ ըլ­լալ ա­նոնց ար­դիւն­քին՝ ըստ պե­տու­թեան հա­յե­ցո­ղու­թեան սահ­մա­նուե­լիք ժամ­կե­տին։ Իսկ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը կը յար­գէ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին կող­մէ ներ­կա­յաց­ման ի­րա­ւուն­քը։ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան շփում­նե­րու մէջ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նու­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու շուրջ եւս ի զօ­րու է ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին վե­րա­պա­հուած այս լիա­զօ­րու­թիւ­նը։ Ա­թո­ռին ա­նու­նով թղթակ­ցու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին հա­յեաց­քով եւ ստո­րագ­րու­թեամբ։ Քա­ղա­քէս դուրս ու­ղար­կուե­լիք հո­գե­ւո­րա­կան կամ աշ­խար­հա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, նոյն­պէս, կը նշա­նա­կուին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին կող­մէ։ Բաց աս­տի, ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նա­խա­գահ եւ ի­րեն կը վի­ճա­կի Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րը ժո­ղո­վի հրա­ւի­րե­լու լիա­զօ­րու­թիւ­նը՝ մին­չեւ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի գործ­նա­կա­նօ­րէն պաշ­տօ­նի ձեռ­նար­կե­լը։

Այս հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն տե­ղեակ կը պա­հուի նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, հայ­ցե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը։

Գ- Կ՚ա­ղօ­թենք Ն­.Ա.Տ. Մես­րոպ Բ. հանգս­տեան կո­չուած Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր հա­մար եւ մե­րազն ժո­ղո­վուր­դը կը հրա­ւի­րենք խո­րա­թա­փանց ըն­կա­լել այս հա­մա­ձայ­նու­թեան ո­գիէն ու տար­րէն բխած յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Ա­ւագ Շաբ­թուան սե­մին մեր կոչն է՝ որ­պէս­զի մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը ըլ­լայ հա­մա­խումբ ու միաս­նա­կան եւ եղ­բայ­րա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ո­գիով ա­ղօ­թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ան­սա­սա­նու­թեան եւ մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։

   ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔ­ՃԵԱՆ                                    Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ

      Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ                            Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ 

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017