Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի սրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան փոքրիկներու ծնողները եւ հիւրեր։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ դասարանի ուսուցչուհի Անի Քարասապան։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Հուսկ, անոնց յանձնուեցան ընթերցման վկայականներ։
Ծրագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022