Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր այց մը տուաւ Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փա­ռաց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թի­նին։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ հա­մայն­քին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ։ Մետ­րա­պո­լի­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար ու շեշ­տեց, թէ ու­րախ էր Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լե­լով։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016