ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին զա­նա­զան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով։

«Պէյ­քենթ» վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «սքրապլ»ի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Ա­ւե­տիք Չա­քըր, որ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ պնա­կի­տով մը։ Խում­բին մաս կը կազ­մէին Ա­ւե­տիք Չա­քըր, Լե­նա Սա­րըօղ­լու, Կապ­րիէլ Թուր­կուտ, Սե­լին Թոմ­պաք եւ Թա­լին Ե­շիլ­թե­փէ։ Այս խում­բը բարձ­րա­ցաւ մին­չեւ ա­ւար­տա­կան։ Կապ­րիէլ Թուր­կուտ հան­դի­սա­ցաւ երկ­րորդ, իսկ Լե­նա Սա­րըօղ­լու՝ եր­րորդ։

«Monami» խո­րագ­րեալ գծագ­րու­թեան ա­ւան­դա­կան մրցոյ­թին մաս­նա­կից Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Քայ­լա Էպ­րիւ­շիւմ նուա­ճեց մե­տայլ մը, իսկ Լե­նա Դա­ւի­թեան, Լե­թի­սիա Սիւր­մէեան, Ար­տէն Ֆոս­քո­լօ եւ Թա­լիա Ֆե­րա­հեան ստա­ցան վկա­յա­կան­ներ։

«Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրան­սա­կան վար­ժա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «Պաս­տա­ռէն դէ­պի գրիչ. պատ­մուած­քի եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մրցոյթ»ին յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը։ Աք­սէլ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու նուա­ճեց ա­ռաջ­նու­թիւ­նը՝ «Տխուր հե­ծա­նի­ւը» խո­րագ­րեալ պատ­մուած­քով։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցաւ Ա­րի Ար­ման Քա­յաօղ­լու։  

«Տար­րիւ­շա­ֆա­քա» վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած յօ­դուա­ծագ­րու­թեան մրցոյ­թին շրջագ­ծով Մա­սիս Էօզ­նի­կո­լեան ար­ժա­նա­ցաւ ման­սիո­նի։ Շիշ­լիի Կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած անգ­լե­րէ­նով շա­րադ­րու­թեան մրցու­մի ար­դիւն­քին Լե­նա Սա­րըօղ­լու դար­ձաւ ա­ռա­ջին։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի եւս յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Mind Lab-ի Թուր­քիոյ ա­ւար­տա­կա­նին։ Դպրո­ցի խում­բին մէջ էին՝ Ա­րի Ար­ման Քա­յաօղ­լու, Տա­րօն Սի­րա­կա­նեան, Քա­մի Ճան Թո­րի­կեան եւ Նի­քոլ Քա­րա­քուշ։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի խում­բը հան­դի­սա­ցաւ եօթ­նե­րորդ՝ 26 վար­ժա­րան­նե­րու շար­քին։ Ա­րի Ար­ման Քա­յաօղ­լու յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց մրցոյ­թի հինգ փու­լե­րը եւ ի­րա­ւունք շա­հե­ցաւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­շար­քի ան­հա­տա­կան մրցում­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս ի­րա­կա­նա­ցու­ցին նաեւ շարք մը պտոյտ­ներ՝ դէ­պի զա­նա­զան թան­գա­րան­ներ կամ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րե­ր։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016