ՄԱԷՍԹՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԵՔԻՃԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԻՐ 90-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր օ­րեր կ՚ապ­րի՝ թա­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ներ­կայ շրջա­նին։ Զու­գա­հե­ռա­բար հա­մայն­քի ա­րուես­տա­սէր­ներն ալ կը վա­յե­լեն այս յո­բե­լեա­նը թէ՛ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րով եւ թէ մա­նա­ւանդ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ այս յո­բե­լեա­նի ի­մաս­տին հա­ղորդ դառ­նա­լով։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը այ­սօր ե­րե­կո­յեան հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ՝ իր յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Այս ձեռ­նար­կը կը ծա­ռա­յէ նաեւ մե­ծա­րե­լու մեր հա­մայն­քի ծո­ցէն հա­սած ե­րախ­տա­շատ ու բազ­մա­վաս­տակ ա­րուես­տա­գէտ մը՝ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նը։ Այս վեր­ջի­նը ներ­կայ կ­­՚ըլ­լայ այ­սօ­րուան հա­մեր­գին՝ որ­պէս պա­տուոյ հիւր։ Ար­դա­րեւ, Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեան ար­դէն թե­ւա­կո­խած է 90-ա­մեա­կը, ինչ որ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հէն ներս ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ։ Նոյն առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւ­ններն ալ հեր­թա­կան ան­գամ բարձր գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած են զին­քը։ Այս յո­բե­լեա­նը ան­շուշտ յատ­կան­շա­կան է իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ Չեքիճեան հա­սած է մեր հա­մայն­քէն։ Ուս­տի, Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի 85-ա­մեա­կը տե­ղին մտայ­ղա­ցու­մով ու կար­գադ­րու­թեամբ կ­­՚օգ­տա­գոր­ծուի քա­ղա­քիս մէջ նշե­լու հա­մար մաէսթրօ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի 90-ա­մեա­կը։ Այս հան­գա­ման­քը յա­ւե­լեալ ի­մաստ մը կը վե­րագ­րէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի յո­բե­լեա­նին։ Տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւնն բազ­մա­պատ­կուած է եր­կու ա­ռիթ­նե­րու հա­մա­տե­ղու­մով։

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մաէսթ­րօ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նը, ո­րուն կ­­՚ըն­կե­րա­նա­յին Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան, եր­գե­հո­նա­հա­րու­հի Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու եւ վար­չա­յին­նե­րէն Նու­պար Կիւ­զել­տեւ­լե­թեան։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ը­նթաց­քին հիւ­րե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ երգ­չա­խում­բը մեծ ե­ռան­դով պատ­րաս­տուած է այ­սօ­րուն հա­մեր­գին, որ կը հա­մա­տե­ղէ եր­կու յո­բե­լեան­ներ։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը՝ հա­յոց սփիւռ­քի նման­նե­րուն շար­քին ա­մե­նա­յա­ւակ­նոտ­նե­րէն մին է եւ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր մեր ե­րաժշ­տա­կան կեան­քի ջա­հա­կիրն է, թէ՛ հո­գե­ւոր եւ թէ աշ­խար­հիկ գետ­նի վրայ ար­ձա­նագ­րած անկրկ­նե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։ Իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն հա­մար Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի իւ­րա­քան­չիւր հա­մերգ կը նշա­նա­կէ տօն, ուս­տի այ­ս օրն ալ տօ­նա­կան է ա­նոնց հա­մար։

Միւս կող­մէ, կը տե­ղե­կա­նանք, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեան կը պար­գե­ւատ­րուի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ։ Հա­շուի առ­նե­լով իր 90-ա­մեակն ու քա­ղաքս այ­ցե­լու­թեան շար­ժա­ռի­թը՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­ղին կար­գադ­րու­թիւ­նով մը ո­րո­շած է յո­բե­լեար մաէսթ­րո­յին շնոր­հել շքան­շան մը։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է, Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի պար­գե­ւատ­րու­մը այս Կի­րա­կի տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017