ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Մշոյ Ս. Կա­րա­պետ վան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման, գէթ իր գտնուած պատ­մա­կան վայ­րը յի­շո­ղու­թեան վայ­րի մը վե­րա­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ Սա­սուն-Պիթ­լիս-Մու­շի եւ այլ վայ­րե­րու հայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց միու­թեան կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած ջան­քե­րը հետզ­հե­տէ կը սկսին տալ ի­րենց ար­դիւն­քը։ Միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­զիզ Տաղ­ճը յայտ­նեց, թէ ի­րենց կա­տա­րած դի­մու­մին դրա­կան պա­տաս­խան մը հա­սած է Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն, որ նշած է, թէ վան­քի տա­րած­քը ըստ պատ­շա­ճի չօգ­տա­գոր­ծող­նե­րը պէտք է են­թար­կուին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան եւ ան­մի­ջա­պէս հարկ ե­ղա­ծը պէտք է կա­տա­րուի՝ մաք­րե­լու հա­մար տե­ղը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­զիզ Տաղ­ճըի գլխա­ւո­րած միու­թիւ­նը դի­մում­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր զա­նա­զան պատ­կան մար­մին­նե­րուն՝ նշե­լով, թէ վան­քին գտնուած վայ­րին վրայ այժմ կը գտնուին 48 տուն եւ 6 յար­դա­նոց, ինչ որ խո­տոր կը հա­մե­մա­տի հայ հա­մայն­քի կրօ­նա­կան զգա­ցում­նե­րուն հետ եւ ա­նար­գանք մըն է պաշ­տա­մուն­քի վայ­րին։ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ տրուած դրա­կան այս ա­ռա­ջին պա­տաս­խա­նէն ետք միու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կէ ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ գոր­ծել՝ գլուխ հա­նե­լու հա­մար վան­քի գո­նէ բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015