ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 185-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները արժանացան համայնքային շրջանականերու անմիջական ուշադրութեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալները արդէն լեցուցած էին եկեղեցին, ուր օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, ուրարակիր Արտաշէս Տիւյմէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գումգաբուի Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ յարակից երբեմնի Պէզճեան վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Նորին Սրբազնութիւնը, որու կողքին էր Տէր Հայրը։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին համայնքային հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, նախկին թաղեցիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ կ՚առնուին լուրջ քայլեր։ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ պատկանող երկու տուներ այս շրջանին կը վերանորոգուին, որպէսզի անոնք ապագային արժեւորուին աւելի նպաստաւոր ձեւով։ Բաց աստի, եկեղեցապատկան 70 քառակուսի մեթր տարածութեամբ տարածքի մը վրայ ալ յառաջիկայ շրջանին նախատես-ւած է շինարարութիւն։ Թաղային խորհուրդը կնքած է պայմանագիր մը, որու հիման վրայ այդ շինարարութենէն երկու յարկաբաժին պիտի վիճակի եկեղեցիին։ Միսաք Կիւլլիւք ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցին պիտի ունենայ մշտական հասոյթ։
Սիրոյ սեղանի ընթացքին Գողթանի անդամները հանդէս եկան աշխարհիկ երգերու կատարումներով։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով եւ աղօթքով։