ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Գալֆաեան Տան 2017-2018 շրջանի հունձքը դպրոցէն հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդիսութիւնով մը։ Սկիւտարի սանուց միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, խնամակալները, վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, ուսուցչաց կազմի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ դասարանի ուսուցչուհի Մելիսա Պուլան Աւետիսեանի հանդիսավարութեամբ։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, որոնց աւարտին շնոհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Շրջանաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։

Աւարտական հանդէսի առընթեր, նոյնպէս Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ ընթրիք մը։ Ուսուցչուհի Մելիսա Պուլան Աւետիսեան եւ Թամար Ներկիզ այս փուլին եւս հանդէս եկան շրջանաւարտներուն ուղղեալ խօսքերով։ Այս տարուան ընթացաւարտներուն համար պատրաստուած էին նաեւ նուէրներ։ Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018