Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Այսպէս, 11-րդ դասարանի տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։
Աշակերտներուն ուղեկցեցան դպրոցի ուսուցչական կազմէն Լիզէթ Պայրամ, Թամար Պոզօղլանօղլու եւ Ամելիա Շիրին։
Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019