ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տատմատեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերներն ալ հետեւեցան ձեռնարկին, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

Սահակեան մանկանց երգչախումբը համերգի ընթացքին մեծ յաջողութիւն արձանագրեց՝ խմբավար Գարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Համերգի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկան Էլիզապէթ Շարքլը եւ Նարեկ Շարքլը։ Երգչախումբին նուագակցեցան՝ Րաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Արի Հերկել եւ Ռոպէր Տողանայ։ Տղաքը իրենց երգերէն մին ձօնեցին Սամաթիոյ ընտանիքի երախտաշատ ու անմոռանալի անուններէն հանգուցեալ Աւետիս Արզումանին։

Համերգի աւարտին գնահատանքի խօսք մը արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը բարձր գնահատեց՝ շուրջ տարուան մը աշխատանքի հիման վրայ կազմակերպուած այս ձեռնարկը։

Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը եւ ատենապետ Ղուկաս Արզումանի կողմէ գլխաւորուած տնօրէն խորհուրդը որեւէ զոհողութիւն չէին զլացած այս ձեռնարկին համար, որու ընթացքին բեմ բարձրացան շուրջ ութ տասնեակ մանուկներ եւ պատանիներ։ Ի յիշատակ յաջող ձեռնարկին՝ խմբավար Գարին Քաթրանճըօղլուին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Սահակեան երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ համերգաշարը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019