ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ Պոլսահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն, բազմամեայ ուսուցիչ՝ Էսաեան լիսէի, բազմամեայ ատենադպիր՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, նուիրեալ մշակ՝ Ս. Մեսրոպեան աւանդին, մեկենաս՝ հրատարակութեանց, հեղինակ՝ հատորներու, բարերար՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի. Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի անուան շքանշանով պարգեւատրեալ՝

ՏԻԱՐ
ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ

յետ երկարատեւ հիւանդութեան 10 յունիս 2024, երկուշաբթի միջօրէին, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի յարկին ներքեւ, ուր կը դարմանուէր։

Նկատի ունենալով հանգուցեալին երախտաշատ վաստակը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, ի յարգանս բարեյիշատակ համայնքանուէր բարերարին, կազմակերպուած է Ազգային յուղարկաւորութիւն, որուն պիտի հանդիսապետէ Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յառաջիկայ հինգշաբթի, 13 յունիս 2024, ժամը 13.00-ին։

Կը հրաւիրուին Աթոռոյս բովանդակ հոգեւորականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, համայնքային եւ թաղային մարմինները եւ մերազն ժողովուրդը մատուցանելու յարգանքի իրենց վերջին տուրքը համայնքանուէր ազգային դէմքին, որուն կեանքը եւ գործունէութիւնը պատուով կ՚արձանագրուի պոլսահայ համայնքի պատմութեան եւ մշակութային տարեգրութեանց մէջ։

«Պայծառացո զյիշատակ սորա ի մէջ ժողովրդեանս, եւ առաջնորդեա սմա Հոգւովդ քով Սրբով ի յերկիր ուղիղ՝ որ հանգուցանես զտաժանեալս ի մարմնի։ Զի դու ես յարութիւն եւ կեանք ամենեցուն. եւ քեզ վայելէ փառք իշխանութիւն եւ պատիւ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024