ՍԷՎ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
Ընդհանուր ժողովի աշխատանքը սկսաւ յարգանքի լռութեամբ։ Աւելի վերջ օրակարգը գործադրուեցաւ՝ ըստ նախատեսուած ձեւին։ ՍԷՎ հիմնարկի վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրները ժողովականներուն ներկայացուցին՝ ատենապետ Սիմոն Արթուչ եւ իրաւաբան Շաքէ Եալչըն։ Կանոնական ճամբով այս տեղեկագիրները վաւերացուեցան ընդհանուր ժողովին կողմէ։
Հաշուեքննիչները՝ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Կարպիս Ունան եւ Թորոս Թիւթիւնճիւ արձանագրութեան տակ առին վաւերացուած բոլոր տեղեկագրերը, որոնց հիման վրայ ՍԷՎ հիմնարկի վարչութիւնը պիտի շարունակէ յառաջիկայ գործունէութիւնը՝ արժանացած ըլլալով ընդհանուր ժողովի վստահութեան եւ վաւերացման։
Համագումարի եզրափակիչ փուլին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։ Շարք մը ժողովականներ իրենց սպասումներն ու մաղթանքները արտայայտեցին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՍԷՎ հիմնարկի գործունէութեան համար։