ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ…
Պատրիարքական Աթոռը այս առաւօտ պաշտօնական զեկոյց մը հրապարակեց՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի կազմութեան մասին։ Այսպէսով Գումգաբուի կողմէ պաշտօնապէս վերահաստատուած եղան այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերէին նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստի որոշումներուն։ Պատրիարքարանի զեկոյցի բովանդակութեան կարեւորագոյն մանրամասնութիւնը այն է, որ այս փուլի բոլոր մանրամասնութիւնները Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ հաղորդուած են Ներքին գործոց նախարարութեան։ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ այսօր իսկ համապատասխան տուեալները պաշտօնապէս կը փոխանցուին կուսակալութեան։ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլն ալ հաստատեց, որ օրուան տեւողութեան յանձնուած կ՚ըլլայ կուսակալութեան այդ նամակը։ Մեր կարճ հեռախօսազրոյցին ընթացքին Սեպուհ Ասլանկիլ յայտնեց, որ իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխին Իսթանպուլի կուսակալութիւնը կամ այդ միջոցաւ պետական մարմինները տեղեակ պահելու ստիպողութիւն մը գոյութիւն չունի ըստ էութեան։ «Սա զուտ բարոյահոգեբանական նշանակութիւն մը ունի, այլապէս կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Այս բոլորը յաւելեալ գործեր են։ Ներկայ շրջանին նման տարօրինակ ձեւով կ՚ընթանանք։ Իրականութեան մէջ պատրիարքական ընտրութեան պարագային թուականներու յստակեցումէն վերջ պէտք է շփման անցնիլ պետական իշխանութիւններուն հետ», մեզի յայտնեց Սեպուհ Ասլանկիլ։
Բաց աստի, իրաւաբան Ասլանկիլ ընդգծեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինը շարք ստիպողական գործընթացներու հետամուտ պէտք է ըլլայ մօտաւոր ապագային։ Ընտրողներու ցուցակներուն համար տարուելիք աշխատանքը ստիպողական գործընթացներէն մին կը բնորոշէ։ Պատգամաւորի թեկնածուներու պարագային ալ որոշ գործ մը կը վիճակի Նախաձեռնարկ մարմնին։ Ասլանկիլի խօսքերով, այս բոլորէն վերջ թուականներու հարցը պիտի դառնայ աւելի յստակ։