ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեսակցեցաւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի հետ։ Նկատի ունենալով, որ փոխ-կուսակալը այլ նպատակով մը պիտի այցելէր հիւանդանոց, հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղին մտադրութիւնով մը փափաքած էր այս առիթը ծառայեցնել համայնքային խնդիրներու քննարկման համար։ Ուստի, Շիրինօղլուի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ժամադրութիւն մը, որով Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Ազիզ Մերճան տեսակցեցան պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հանդիպումը տեղի ունեցաւ կէսօրուան ժամերուն ու տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Սկիզբին Պետրոս Շիրինօղլու փոխ-կուսակալին ներկայացուց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը եւ աւելի վերջ դուրս եկաւ հանդիպման սենեակէն։ Տեղապահը փոխ-կուսակալին հետ զրուցեց իր հետն ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Հարկ է նշել, որ Ազիզ Մերճան Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի տեղակալն է՝ իրաւական գործերու գծով։ Միշտ այս փոխ-կուսակալն է, որ կը զբաղի փոքրամասնութիւններու, ուստի նաեւ մեր համայնքի վերաբերեալ գործերով։ 15 Մարտ 2017 թուականին՝ տեղապահի ընտրութեան օրը, կուսակալութենէն Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական նամակն ալ ստորագրուած էր նոյն փոխ-կուսակալին՝ Ազիզ Մերճանի կողմէ։ Մօտաւոր անցեալի համայնքային տագնապի օրերուն, Ազիզ Մերճան կուսակալութեան մէջ տեսակցած էր՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի հետ։ Ան բարձրաստիճան դիւանակալ մըն է, որ խորաթափանց կը տիրապետէ պատրիարքական ընտրութեան հարցի պետութեան վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Երէկուան տեսակցութեան նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ նաեւ այն հանգամանքին լոյսին տակ, թէ տեղապահը տակաւին վերջնականօրէն չէ ճանչցուած պատկան իշխանութիւններուն կողմէ եւ այս պայմաններուն ներքեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գրեթէ առաջին անգամ առանձնազրոյց մը ունեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ, եթէ չհաշուենք անցեալ Ռամազանին փոքրամասնութիւններուն կողմէ սարքուած ընթրիքին ժամանակ այդ օրերու փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի հետ ունեցած արարողակարգային ծանօթացումը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, զրոյցի տեւողութեան ընդհանրապէս քննարկուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան նիւթը, կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան անոր առընչակից զանազան նիւթերու շուրջ։ Հանդիպումէն վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ ընդհանուր առմամբ տեսակցութեան մթնոլորտը դրական էր։ Իր խօսքերով, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնած է, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կը գտնուէր արտասահմանի մէջ եւ հիմա՝ երբ վերադարձած է, կը ջանայ ներթափանցել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ու համապատասխան ընթացակարգի ծալքերուն։ Նորին սրբազնութիւնը նշած է, որ պաշտօնի կոչուած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ համայնքի սպասումները հասած են գագաթնային կէտին։ Ան բացատրած է, որ ներկայ պայմաններով այդ սպասումով պայմանաւորուած ճնշումի մը ներքեւ յառաջ կը տանի իր պաշտօնը։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը խնդրած է, որ պետական մարմինները հնարաւորինս արագացնեն իրենցմէ կախեալ որոշումներու ընդունման կարգը եւ փութով կատարեն անհրաժեշտ տնօրինութիւնները։

Իր կարգին, փոխ-կուսակալը տուած է կարեւոր երաշխիք մը։ Այսպէս, ան յայտնած է, որ թրքահայ համայնքը անպայման պիտի ընտրէ իր նոր պատրիարքը՝ ըստ իր աւանդութիւններուն եւ կանոններուն։ Ազիզ Մերճան ընդգծած է, որ պետական մարմինները շատ ծանրաբեռնուած էին, ունէին այլ հրատապ առաջնահերթութիւններ՝ ուստի ցարդ չէին կրցած անմիջականօրէն զբաղիլ այս հարցով։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւնները տեղեակ են բոլոր հարցերուն։ Մերճան յայտնած է, որ կուսակալ Վասիփ Շահինն ալ կը տիրապետէ խնդիրներուն։ Հետեւաբար յառաջիկային պիտի կատարուին անհրաժեշտ կարգադրութիւնները։

Անկեղծ զրոյցի տեւողութեան, Ազիզ Մերճան մատնացոյց ըրած է՝ այն սկզբունքային վերապահութիւններն ու սպասումները, որոնցմով պատկան մարմինները կ՚առաջնորդուին այս նիւթին մէջ։ Շեշտելով կուսակալութեան պատրաստակամ վերաբերմունքը՝ Մերճան դիտել տուած է, որ իրենց դուռը միշտ բաց է։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Այս տեսակցութենէն վերջ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հրաժեշտ առաւ Ազգային հիւանդանոցէն եւ առաջնորդուեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանը։ Իրեն ողջերթ մաղթեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Նորին սրբազնութիւնը մեկնեցաւ Վաքըֆլըգիւղ, ուր հասաւ երեկոյեան ժամերուն եւ դիմաւորուեցաւ խանդավառութեամբ։ Այս շաբաթավերջին տեղապահ սրբազան հայրը կը նախագահէ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որու տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ տեղի կ՚ունենայ նաեւ աւանդական խրախճանքը։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017