ՆԿԱՐՈՂ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ կը շարունակուին կղզեբնակ ընտանիքներու փոքրիկներուն ուղղեալ ձեռնարկները։ Այսպէս, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Նկարահանող մարդամեքենայ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ կեանքի կոչուեցաւ խնամատար մարմնի անդամներէն Էննա Էօքքէի առաջնորդութեամբ։ Աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ փոքրիկները արտադրեցին մարդամեքենաներ, որոնք կը նկարէին։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021