ՄԱՆԿԱՆՑ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴ ԱՂՕԹՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք, որ նախորդեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ Այսպէս, յետմիջօրէին Գնալըի բարձունքին համախմբուեցան բազմաթիւ պատանի հաւատացեալներ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան աղօթքի։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ըստ էութեան, աղօթքին մասնակցեցան այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք կղզիի Ներսէսեան դպրաց դաս-երգչախումբին շուրջ համախմբուած են։ Հանդիսադիր հայր սուրբը փոքրիկներուն բացատրութիւններ ալ տուաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին մասին։ Արարողութենէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022