ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը եւ Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը անցեալ ամառ համագործակցաբար կազմակերպեցին ճատրակի մրցաշարք մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս մրցաշարքին եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Բոլոր դասաւորումներու մէջ դափնեկիր դարձած ճատրակի խաղացողները ստացան պարգեւներ եւ վկայականներ։

16 տարեկաններու դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Այգ Կէզէր, Արիս Տիգրան Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ։

13 տարեկաններու դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Արսէն Գովան, Ալէն Նշան եւ Կիրայ Պաթու Սորկուն։

10 տարեկաններու դասաւորման դափնեկիրներն էին՝ Օզան Պենլի, Լուքաս Մըխճը եւ Մասիս Խաչիկեան։

9 տարեկաններու դասաւորման դափնեկիրներն էին՝ Արին Ռոյ Սոմէր, Ժիլպեռ Ժան Սոմէր եւ Կէօրքէմ Կիւր։

6 տարեկաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյնը հանդիսացաւ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017