ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Այսօր Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր ժողով մը։ Յետմիջօրէին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ նախատեսուած խորհրդակցութիւն մըն է այս մէկը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի առընթեր, կը նախատեսուի, որ ներկայ գտնուի նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այսինքն, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ Աթոռի երեք սըր-բազաններն ալ կը գտնուին նոյն սեղանին շուրջ՝ եթէ վերջին պահուն անակնկալ մը չպատահի։

Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, յետմիջօրէի այս խորհրդակցութեան հրաւիրուած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, երէց սերունդի բարերարներ Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, փորձառու համայնքային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէ, տեղապահի անմիջական շրջանակէն Նազար Պիւյիւմ եւ Թորոս Աբիկ, նաեւ «Միտք» հարթակէն Թադէոս Պէպէք։ Ծանօթ է, որ Թորոս Աբիկ եւ Թադէոս Պէպէք մաս կը կազմեն նաեւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնին։

Համայնքային շրջանակներէ ներս կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրուի այսօրուան խորհրդակցութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, պետական իշխանութիւնները ցարդ պաշտօնապէս չեն ճանչցած Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը եւ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ յաչս իշխանութիւններուն կատարուած բոլոր դիմումներն ալ մնացած են անպատասխան։ Պետական մարմիններու հետ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ յառաջացած առկայ խցանումը ջուրի երես ելած էր՝ երբ 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան համար որեւէ հրաւէր չէր հասած Գումգաբու։

Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ապագայի խնդիրներուն վերաբերեալ՝ յոռետեսութիւնը հետզհետէ կը տարածուի համայնքային շրջանակներէն ներս, երբ աստիճանաբար առարկայական հիմքերը համոզիչ կը դառնան, թէ իրատես ըլլալէ կը դադրի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հրապարակուած ժամանակացոյցը՝ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան զգացած է մեր համայնքի ամենաազդու գործիչներուն հետ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։

Դռնփակ կազմակերպուած խորհրդակցութեան արդիւնքներուն կը սպասուի ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017