ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է Գալֆաեան Տունը։ Այսպէս, դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի երկխօսութիւնը ծնունդ տուած է ողջունելի զօրակցութեան մը։ Տնօրէնուհին տեղեկացուցած է, որ վարժարանը կարիքը կը զգայ պատճէնահանման ու տպիչ գործիքներու։ Այս սարքաւորումները ունին արհեստավարժ բնոյթ եւ ի վիճակի են հոգալու ամէն տեսակ կարիք։ Գալֆաեանը այդպիսի երկու սարքաւորումի կարիքը կը զգար այս վերամուտին ընդառաջ։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը անմիջապէս շարժման անցուցած է իր հնարաւորութիւնները եւ հոգացած՝ անհրաժեշտ ծախսերը, որպէսզի դպրոցի քարտուղարութիւնը օժտուի այդ սարքաւորումներով։ Աւելի քան 10 հազար լիրայի ներդրումով մը արդէն այդ սարքաւորումները յանձնուած են դպրոց, հաստատուած են եւ դարձած են գործածութեան պատրաստ։ Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարի ալ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը շուրջ 100 հազար լիրա ներդրումով Գալֆաեանի բոլոր դասարանները օժտած էր խելացի գրատախտակներով։

Միւս կողմէ, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին աջակցութիւն բերած է նաեւ ուրիշ կարեւոր ծրագրի մը։ Այսպէս, Եդուարդ Այվազեանի եւ ընկերներու ջանքերով ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Սկիւտարի սանուց միութեան ջեռուցման համակարգը։ Երկար տարիներու գործածութեան բերումով մաշած համակարգը ամբողջութեամբ նորոգուած էր՝ շնորհիւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին կողմէ յատկացուած 14 հազար լիրային։

Թէ՛ գալֆաեանցիները եւ թէ Սկիւտարի սանուց միութեան պատասխանատուները այս առթիւ իրենց երախտագիտութեան զգացումներուն առարկայ դարձուցած են Եդուարդ Այվազեանն ու գործակից ընկերները, որոնք օրինակելի զօրակցութեան մը ոգին դրսեւորած են։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019