ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերամուտի օրհնութեան խօսքը։

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք վերամուտի սեմին։ Մեր համայնքային կրթական համակարգի օրհնեալ հաստատութիւնները կրկին կը բանան իրենց դռները մեր սիրասուն աշակերտներուն առջեւ։

Մենք փառք Աստուծոյ այլեւս մեր ետին թողուցինք թագաժահրի համավարակի պայմաններուն պարտադրուած կրթական դրութիւնը, որ ուսուցիչի եւ աշակերտի միջեւ անզգալաբար  գոյացուցած էր խրամատ մը։ Այսօր մեր կրթական մշակներու համար տօնական օր կը նկատուի, քանի անոնք պիտի սկսին երես առ երես մէկտեղուիլ դասարաններու մէջ։

Երանաշնորհ Զաքարիա Կաղզուանցի Պատրիարքի օրով բացուած առաջին թաղային վարժարանով սկսած կրթական հաստատութիւններու շարանը, այսօր իր փոքրաթիւ օղակներով հասած է մեզի։ Որպէս հոգեւոր պետը եւ առաջին սպասաւորը մեր  համայնքին, մեր ուրախութիւնը կը յայտնենք անոր համար, որ ունինք տակաւին կրթական յարկեր,  դրուած՝ մեր աշակերտներուն դաստիարակութեան համար։

Սիրելի կրթական մշակներ,

Անուրանալի է գիտութեան եւ ուսման կարեւորութիւնը։ Ուստի ուսուցչական կոչումի հաւատարմութեամբ շարունակեցէք ձեր նուիրական պարտականութիւնը եւ ձեր խնամքին յանձնուած մեր համայնքի զաւակները դաստիարակեցէք, զանոնք պատրաստելով ապագային իրենց կողմէ ընդգրկելի կրթական բարձրագոյն մակարդակներու։ Անոնց փոխանցեցէք այն գիտելիքները, զորս ստացած էք ձեր փորձառութեամբ։ Մեր համայնքային կրթական յարկերը մանաւանդ ներկայ տնտեսական անձուկ պայմաններուն կը գոյատեւեն գերմարդկային ճիգերովը մատակարար մարմիններու եւ բարերարներու։ Ուստի վստահ ենք, որ այս իրողութեան գիտակցութեամբ ձեր կարելին ի գործ պիտի դնէք մեր զաւակներուն ուսուցանելու մայրենի լեզուի եւ Քրիստոնէական կրօնի գիտելիքները, որոնց համար յանձն կ՚առնուին նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններ։ 

Սիրելի աշակերտներ,

Ինչպէս ամէն վերամուտին, այս անգամ եւս կը յիշեցնենք աշխատասիրութեան, կարգապահութեան, ուսումնատենչ աշակերտի վայել կեցուածքի, կրթական մշակներու նկատմամբ յարգալիր վերաբերմունքի կարեւորութիւնը։ Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ ըսելով. «Ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս, օգտագործեցէք ժամանակը» (Եփեսացիս, 5.16)։ Առաքեալի խօսքը կու գայ շեշտել ժամանակի թանկագին ըլլալու իրողութիւնը։ Ժամանակը այն արժէքն է, զոր կարելի չէ ետ բերել։ Ուստի որպէս աշակերտներ ջանացէք ձեզի սահմանուած ժամանակները լաւագոյնս արժեւորել զարգանալու համար, բան մը որ ամէն բանէ առաջ ձեր օգտին համար է։

Վերամուտի առթիւ կը շնորհաւորենք բարձրագոյն ուսման հետեւելու իրաւունք շահած ուսանողները եւ իրենց ծնողները, կցելով յաջողութեան մեր մաղթանքները։

Կը մաղթեմ, որ Տիրոջ օրհնութեամբ 2022-2023 ուսումնական շրջանը բոլորենք հեռու՝ համավարակի եւ նման փորձանքներէն։ Աստուած Իր Ս. Աջին հովանիին ներքեւ պահէ մեր կրթական յարկերը, կարողութիւն պարգեւէ տնօրէն ու ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։ Մեր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք իրենց զաւակները համայնքային կրթական յարկերուն վստահած ծնողներուն։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ իրենց։  Տէր Աստուած իր անսահման օրհնութիւնները առատացնէ ի նպաստ մեր վարժարաններու նուիրեալ ծառայողներուն, բարերարներուն ու միութիւններու վարչութիւններուն եւ անդամներուն վրայ։

Բարեբեր ուսումնական շրջանի մը մաղթանքներով եւ հայրական օրհնութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022