ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բե­րի 9-ին, Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նի եւ Մշա­կոյ­թի շաբթուան բաց­ման առ­թիւ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ ձե­ռամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեա­նի։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բը, Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ա­ռաջ քա­րո­զեց. «Ե­թէ Դա­ւիթ զայն Տէր կը կո­չէ, ինչ­պէ՞ս ու­րեմն Քրիս­տոս ա­նոր որ­դին է» (Մար­կոս 12.37) բնա­բա­նով։  Հայր Սուր­բը Թարգ­ման­չաց ո­գիին վրայ ծան­րա­նա­լով ը­սաւ. «Տօ­նե­րը ի­մաստ կը շա­հին այն ա­տեն, երբ ա­նոնք սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցուե­լու կը շա­րու­նա­կուին ա­ռանց թա­ռա­մե­լու։ Թարգ­ման­չաց տօ­նը եւս ի­մաստ կը շա­հի, երբ ար­ժէք կ՚ըն­ծա­յենք մե­զի փո­խան­ցուած սուրբ հա­ւատ­քին եւ ա­ւան­դու­թեանց։ Օ­տար գրա­կա­նու­թեան գիր­քե­րը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու սո­վո­րա­կան աշ­խա­տու­թե­նէ մը ա­ւե­լի տար­բեր ու վեհ է կա­տա­րուած գոր­ծը։ Այդ գոր­ծը, նոյ­նինքն ար­տա­ցո­լա­ցումն է Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան։ Այ­նու­հե­տեւ, ե­թէ Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ, զՔրիս­տոս Տէր կո­չե­ցին եւ ի­րենց Տի­րոջ ա­պա­ւի­նե­լով մեծ գործ մը կա­տա­րե­ցին, ինչ­պէ՞ս ու­րեմն մենք՝ հայ քրիս­տո­նեա­ներս, ա­ռանց Քրիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեան, Սա­հա­կի եւ Մես­րո­պի որ­դի­ներ կ՚ըլ­լանք։ Հայ գի­րե­րու գիւ­տը, Ս. Մես­րո­պի հա­ւատ­քին ար­դիւնքն է եւ նման հա­ւատ­քը վառ պա­հե­լով ար­ժէք պի­տի ստա­նայ Հայ մշա­կոյ­թի շա­բա­թը»։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի հո­գե­հան-գըս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեամբ յի­շա­տա­կուե­ցան Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ վախ­ճա­նեալ քա­րո­զիչ­նե­րը, Գա­տը­գիւ­ղի հան­գու­ցեալ կրթա­կան մշակ­ներն ու մամ­լոյ եւ գրչի սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Այս առ­թիւ, իր մա­հուան տա­րե­լի­ցին առ­թիւ յի­շա­տա­կուե­ցաւ նաեւ թա­ղին պա­տուոյ քա­րո­զիչ, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի եւ կրօ­նա­գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ՝ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Տ. Շա­հան Ար­ք. Սվա­ճեան, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ «Պա­լըք­ճեան» սրա­հի բա­րե­րար՝ Պա­լըք­ճեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն, թէ՛ Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րով պի­տի նշուի Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց տօնն ու Հայ մշա­կոյ­թի շա­բա­թը։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016