ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ ՎՈՍՓՈՐԻ ՄԷՋ

Գալֆաեան Տան աշակերտները նախընթաց օր հաճելի նաւապտոյտ մը կատարեցին Վոսփորի մէջ։ Սարըեէրի «Ռոթարաքթ» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս նաւապտոյտը։ Տղաքը կարելիութիւն ունեցան Վոսփորի երկու ափերու եւ որոշ չափով ալ պատմական թերակղզիի պատմամշակութային ժառանգութեան ծանօթանալու։ Ուղեցոյցը աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ առափնեայ պալատներու, բերդերու, յատկանշական շէնքերու եւ այլ զանազան կարեւոր նիւթերու շուրջ։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ աշակերտները կէսօրին միասնաբար ճաշեցին նաւուն վրայ։

Զուարճալի զբօսապտոյտէն վառ յիշատակներ պահելով գալֆաեանցիները վերադարձան վարժարան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018