ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արիս Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Թաղականները ըստ ընկալեալ սովորութեան Գումգաբու այցելեցին եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։

Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ ներկայացուեցան թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ պայծառութեան նպատակով ներդրուած ջանքերուն համար։ Հուսկ, ան թաղային խորհուրդին յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2024