ԵՐԳԱՐԱՆ

Որ­պէս ծա­ռա­յու­թիւն հայ եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ հաս­տա­տուե­ցաւ նոր մա­տե­նա­շար մը՝ «Համ­բար­ձու­մեան մա­տե­նա­շա­ր» եւ հրա­տա­րա­կուե­ցաւ գե­ղա­տիպ հա­տոր մը եւս. «Մե­ղե­դի»։

Նո­րա­հաս­տատ մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տես­նող ա­ռա­ջին հա­տո­րը ե­րի­տա­սարդ ե­րաժշ­տա­գէտ՝ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեա­նի պատ­րաս­տած եր­գա­րանն է։ Ան ար­տա­սահ­մա­նի մէջ սկսած եւ քա­ղա­քիս մէջ ա­ւար­տած գիր­քի եր­կար պատ­մու­թիւ­նը կ՚ամ­փո­փէ իր նպա­տա­կով. «Կ՚ու­զեմ, որ սի­րենք ու ապ­րեց­նենք հին եւ նոր այս եր­գե­րը, ո­րոնք կը պատ­կա­նին մե­զի: Այս պատ­ճա­ռով ու նպա­տա­կով է, որ պատ­րաս­տե­ցի «Մե­ղե­դի» ձայ­նագ­րեալ եր­գա­րա­նը, որ­պէս­զի օգ­նա­կան ըլ­լայ մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն: Կը յու­սամ եւ կը մաղ­թեմ, որ այս հա­մեստ գիր­քի մի­ջո­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­ներ գա­ղա­փար կ՚ու­նե­նան հայ եր­գա­հան­նե­րու ու ի­րենց յօ­րի­նում­նե­րուն մա­սին: Կը յու­սամ, որ «Մե­ղե­դի»ի մի­ջո­ցաւ մեր ե­րա­խա­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ­ներն ու չա­փա­հաս­նե­րը ամ­րաց­նեն ի­րենց կա­պե­րը մեր պա­պե­նա­կան մշա­կոյ­թին հե­տ»։

Գիր­քի գե­ղե­ցիկ կող­քը մտայ­ղա­ցումն է Սե­լին Պե­տի­կեա­նի, որ ի մի բե­րած է Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի «Նռնե­նի» եւ Ա­տիս Զա­րեա­նի «Կո­մի­տաս Վար­դա­պետն ու մա­նուկ­նե­ր­»ը գծագ­րու­թիւն­նե­րը։

Հա­տո­րը, որ ձօ­նուած է Հայ գիր­քի ու տպագ­րու­թեան 1600-ա­մեա­կին եւ Սիր­վարդ Գա­րա­մա­նու­կի ծննդեան 100-ա­մեա­կին, կը բա­ցուի Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նի ա­ռաջ­նոր­դող խօս­քով՝ «Սի­րե­լ» խո­րագ­րով, ա­պա տեղ կը գրա­ւէ հե­ղի­նա­կին «Եր­կու խօս­ք­»ը։ Ի տար­բե­րու­թիւն այլ հրա­տա­րա­կու­թեանց, այս հա­տո­րին մէջ եր­կու խօս­քե­րը տե­ղադ­րուած են նաեւ անգ­լե­րէ­նով՝ ի դիւ­րու­թիւն եւ ի գոր­ծա­ծու­թիւն օ­տար­նե­րու եւս։

Եր­գա­րա­նը կը բաղ­կա­նայ 21*29.7 սմ. չա­փե­րով 152 է­ջե­րէ, ո­րուն ա­ռա­ջին մա­սին մէջ հե­ղի­նա­կը ամ­փո­փած է ա­ւե­լի քան յի­սուն եր­գեր, ի­րենց ձայ­նա­նի­շնե­րով, ինչ­պէս նաեւ լա­տի­նա­կան տա­ռա­դար­ձու­թեամբ։ Պէտք է նշել, որ այս հա­տո­րը պի­տի ու­նե­նայ իր ու­րոյն տե­ղը պոլ­սա­հայ տպագ­րու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, քա­նի որ վեր­ջին ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին քա­ղա­քիս մէջ լոյս տե­սած ա­ռա­ջին լրիւ ձայ­նագ­րեալ եր­գա­րանն է։ Եր­գե­րը ընտ­րուած են զա­նա­զան տա­րիք­նե­րու հա­մար՝ ման­կա­կա­նէն մին­չեւ դա­սա­կան, հո­գե­ւո­րէն մին­չեւ աշ­խար­հիկ։

Իսկ երկ­րորդ բաժ­նին մէջ ըն­թեր­ցո­ղը կը գտնէ հա­տո­րի մէջ առ­կայ եր­գե­րու յօ­րի­նող­նե­րու ամ­փոփ կեն­սագ­րա­կան­ներն ու նկար­նե­րը։ Վեր­ջին բաժ­նին մէջ տեղ կը գրա­ւեն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու նկար­նե­րը, նիւ­թե­րու ցան­կը, հե­ղի­նա­կի շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը ե­ւայլն։

Սոյն հա­տո­րի մե­կե­նա­սու­թիւ­նը ստանձ­նած է գեր­մա­նաբ­նակ Պետ­րոս Ռո­պէր- Ան­ժէլ Գա­զան­ճըօղ­լու ա­մո­լը՝ ի յի­շա­տակ ի­րենց հան­գու­ցեալ հօր՝ Սա­մուէլ Գա­զան­ճըօղ­լուի եւ ի­րենց եղ­բօր՝ Կար­պիս Պո­յա­ճեա­նի։

Փա­փա­քող­ներ պի­տի կա­րե­նան հա­տո­րէն ու­նե­նալ դի­մե­լով Պատ­րիար­քա­րան, աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015