VARTAN COLLECTION ԿԸ ՆՇԷ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի մէջ տեղակայուած Vartan Collection արծաթեայ զարդերու խանութը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը։ Vartan Collection-ի հիմնադիրն է արծաթագործ երիտասարդ վարպետ Վարդան Յովհաննէսեան, որ իր յաճախորդներուն կը ներկայացնէ ձեռակերտ գործեր։ Ան արծաթեայ զարդերու թէ՛ ձեւաւորումը եւ թէ արտադրութիւնը կ՚իրականացնէ ու վերջին շրջանին ունեցած է իր յաճախորդներու շրջանակը։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր իր բացած խանութը արժանացած է ուշադրութեան ու միայն այդ երդիքին տակ կը վաճառուին իր ձեռագործները։
Վերջերս Vartan Collection առաջին տարեդարձին առթիւ ան կազմակերպեց իր անմիջական շրջանակին համար հաւաքոյթ մը։ Բոլոր այցելուները ջերմօրէն շնորհաւորեցին երիտասարդ վարպետը, արտայայտեցին իրենց համակրանքը անոր նկատմամբ եւ յղեցին նորանոր յաջողութեան մաղթանքներ։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024