ՀԱՍ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ օրակարգի բերուած եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւած Հաս խանի հարցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ուշադրութեան յանձնուած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը հարցը քննարկելով համաձայնութիւն մը գոյացնելու առաջադրութեամբ, հարցին հետ առընչուած վարչութեանց նամակներ ուղարկած էր, յայտնելով հարցի լուծման կապակցութեամբ իր առաջարկները։ Աւելի վերջ, մի առ մի երկու վարչութեանց անդամներու հետ Իր առաջարկներու շուրջ առանձին հանդիպումներ ունենալէ յետոյ, զանոնք 28 հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ժողովի մը հրաւիրած էր։ Համավարակի պատճառաւ, ժողովը կայացած էր սահմանափակ թիւով մասնակիցներով։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը Հաս խանի եկամուտներուն ամբողջութեամբ կարիքաւոր վարժարաններու տրամադրելու մասին համաձայնած են։ Հարցը այն է, թէ այդ օժանդակութիւնը ինչ կերպով պիտի կառավարուէր։ Նկատելով որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը մօտաւորապէս հարիւր տարի խանի եկամուտներու իրաւատէրը եղած էր, այս որոշումին առանց խնամակալութիւնը ներգրաւելու կայացուած ըլլալը, յաչս խնամակալութեան կ՚որակուէր՝ որպէս վարչութեան մը իրաւազրկում եւ արժանապատուութեան նուաստացում։ Իսկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը կը յայտնէ, թէ որպէս կալւածատէր, Հաս խանի մասին բոլոր տնօրինութիւնները վերապահուած են հիւանդանոցի վարչութեան։

Պատրիարք Հայրը երկու վարչութեանց ուշադրութեան յանձնած է հետեւեալ համաձայնութեան առաջարկները.

ԾՐԱԳԻՐ Ա.

Որոշումներ, որոնք կարելի կ՚ըլլայ կայացնել երկու վարչութեանց կողմէ։

1. Աւանդական կիրառումը որդեգրելով Հաս խանի եկամուտներուն Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ձեռամբ կարիքաւոր վարժարաններու բաշխուիլը եւ կամ

2. Հաս խանին եկամուտին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան կողմէ մատակարարուիլը եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան հետ միասնաբար կազմելի յանձնախումբի մը ձեռամբ կարիքաւոր վարժարաններու բաշխուիլը եւ կամ

3. Երկու վարչութեանց կողմէ պատրաստելի համաձայնագրով, եկամուտներու կարիքաւոր վարժարաններու բաշխումը յանձնել Պատրիարքական Աթոռին։

ԾՐԱԳԻՐ Բ.

Եթէ երկու վարչութիւններու միջեւ համաձայնութիւն չգոյանայ, Հաս խանի եկամուտներուն արժեւորման ձեւը ճշդելու առաջադրութեամբ օգտագործել՝ ներհամայնքային վարչամեքենան, ERVAB-ի (Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն) հովանիին ներքեւ ժողովի գումարմամբ։ Այս նպատակաւ ERVAB-ի վարչութիւնը (Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը, վարժարանի ունեցող 13 վարչութեանց ատենապետները եւ ընտրեալ երեք վարչութեանց ատենապետները) Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ ժողով գումարելով յետ քուէարկութեան ԾՐԱԳԻՐ Ա.-ի մէջ ներկայացուած առաջարկներէն մին եւ կամ այլ առաջարկ մը կարենայ ճշդել։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ վարչութեանց միջեւ յառաջացած այս նեղացուցիչ եւ վնասակար մրցակցութեան դատական հարթակի փոխադրուելու պարագային, համայնքային ներքին խաղաղութիւնը պիտի խափանուէր, անտեղի բեւեռացումներ պիտի յառաջանային, համայնքային օրակարգը փոխանակ կենսական եւ հրատապ հարցերու հետ զբաղուելու անտեղի օրակարգով պիտի զբաղուէր, վարչութեանց միջեւ յարաբերութիւններն ու միութիւնը լրջօրէն պիտի վիրաւորուէր, վարչութեանց միջեւ հարցերու լուծման առթիւ որպէս լաւ օրինակ պիտի չընկալւէր, համայնքապատկան հարիւրաւոր եւ կամ միլիոնաւոր լիրաները յումպէտս պիտի վատնուէին, Պատրիարք Սրբազան Հօր համայնքի հոգեւոր պետի հանգամանքով եւ հայրական մերձեցումով հարցին սիրոյ եւ եղբայրական սահմաններուն մէջ լուծում գտնելու ջանքերը անտեսուած պիտի ըլլային, ERVAB-ի իրաւարարի կամքը պիտի վիրաւորուէր, նման անհամաձայնութեան մը յառաջացումը չփափաքող համայնքային լուրջ զանգուածի մը կամքը պիտի անտեսուէր եւ ապագային հպարտանալի ժառանգ մը պիտի չթողուր։ Այս պատճառաւ պատասխանատուները, պատմութեան եւ համայնքին առջեւ մեղքի ծանր լուծը տանելու պիտի հարկադրուէին։

Նորին Ամենապուութիւնը, ի միջի այլոց, վարչութեանց ուշադրութեան յանձնած է, թէ անոնք չորս տարուայ համար ժողովուրդէն լիազօրուած էին եւ ընտրութիւններ կատարելու անկարելիութեան պատճառաւ իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը երկարած էր։ Հետեւաբար այսպիսի շրջանի մը մէջ, վարչութիւններու կենսական որոշումներ կայացնելը ճիշդ պիտի չըլլար։ Ուստի, գոնէ մինչեւ նոր ընտրութիւններու կատարումը, տեղին կ՚ըլլար առժամեայ համաձայնութեան եզր մը գոյացնել եւ աւելի արմատական որոշումներու կայացումը թողուլ նորընտիր վարչութիւններու։

Պատրիարքական Աթոռոյ բարեկամեցողութեամբ ձեռնարկած հաշտարար շփումներէն յետոյ, յիշեալ վարչութեանց Հաս խանի եկամուտներուն մասին կայացուած որոշումներու եւ ձեռնարկներու տրամաբանութիւնն ու խղճամտութիւնը, հանրութեան պարզաբանելու պատասխանատուութիւնը բոլորովին անկ է յիշեալ վարչութեանց։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020