ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՆԱԽՈՐԴ ԳԱՀԱԿԱԼԻՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս նախկին գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան երէկ երեկոյեան ոգեկոչման ու յարգանքի ձեռնարկով մը վերյիշուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հովանաւորուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։ Հոգելոյս պատրիարքի մասին վերջերս Պատրիարքարանը յուշամատեան մը պատրաստած էր եւ երէկուան երեկոյթը այդ մէկուն շնորհանդէսն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր երեկոյթին մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ երանաշնորհ պատրիարքի հարազատները, ինչպէս նաեւ դէմքեր, որոնք երախտագիտական զգացումներով համախմբուեցան իր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակը հաշուի առնելով՝ սրահի տարողութիւնը սահմանափակուած էր։

Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած այս յուշամատեանը եղած է բծախնդիր աշխատանքի մը պտուղը։

Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Երազ Չաղլաեանի։ Հոգելոյս պատրիարքի կենսագրութիւնը ընթերցեց Սեդրակ Սրկ. Տավութհան։ Ելոյթներով հանդէս եկան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի կողմէ ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ այս յուշամատեանին համար ուղարկուած գրութիւնը։ Ընթերցուեցան նաեւ միւս նուիրապետական աթոռներու գահակալներու գրութիւնները։ «Արմաշ» դպրաց խումբը հանդէս եկաւ կատարումներով. երգացանկը բաղկացած էր հոգելոյս պատրիարքին կողմէ նախընտրուած գործերէ։ Խորապէս զգացական պահեր էին, երբ յուշամատեանի լուսանկարները պաստառի վրայ ցոլացան՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ձայնի սփռումին զուգահեռ։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ երջանկայիշատակ պատրիարքի հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Այս փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արտասանեց «Հոգւոց» մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուշամատեանէն օրինակ մը հանդիսաւորապէս յանձնեց տիրամայր Մարի Մութաֆեանին։ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021