TET AJANDA ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՅՍ ԵՐԵԿՈՅ ԶՐՈՅՑԻ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐԸ

TET AJANDA առցանց հարթակին վրայ այսօր երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը հրաւիրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Յիշեալ հարթակի Instagram-ի հաշիւէն պիտի սփռուի այս զրոյցը, զոր պիտի վարէ Շահնուր Գազանճը։

Նկատի ունենալով, որ թերթիս վերջին տարեդարձի խմբագրականին մէջ ահազանգ հնչեցուած էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդունդի եզրին հասած է՝ հաղորդավարը փափաքած է արձագանգել եւ արծարծել թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ թէ ընդհանրապէս պոլսահայ մամլոյ առկայ մարտահրաւէրները։

Հարթակը արդէն հրապարակած է, որ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի բերուին զանազան հարցումներ. օրինակ՝ հայերէն թերթերը դժուարութեա՞ն մէջ են, անցեալէն այսօր ի՞նչ փոխուած է, թերթերու տպաքանակի հարցի միակ պատճառը ընկերային ցանցե՞րն են, եւ այլն։

Ուղիղ եթերով հարցազրոյցը կը սկսի ժամը 21.00-ին Instagram-ի վրայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021