ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ հիւրընկալել համայնքիս ակադեմական շրջանակներէն դէմքեր։ Նախընթաց օր, Պատրիարքարանի երդիքին տակ հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս ձեւաչափին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախապէս ալ երկու անգամ մէկտեղուած էր մեր համայնքէն համալսարանական դասախօսներու եւ ընդհանրապէս ակադեմական բնագաւառէ ներս գործունէութիւն ծաւալող դէմքերու հետ։ Երէկուանը թէեւ երրորդ հանդիպումն էր, սակայն իր տեսակին մէջ եզակի՝ օրակարգին առումով։ Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը փափաքած էր յստակ օրակարգի մը շուրջ խորհրդակցիլ ակադեմական ներկայացուցիչներու հետ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի Խորհրդակատարութիւններու գրասենեակի արձանագրութեանց մէջ հաւաքուած են տուեալներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ այդ տուեալները արդի գիտական ու թեքնիք հնարաւորութիւններու օգտագործումով վերամշակման, դասաւորման, նաեւ ապահով պահպանման կարիք ունին։ Ուստի, այս մտադրութիւնը կեանքի կոչելու ուղղեալ հնարաւորութիւններուն շուրջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնագէտներուն հետ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ։
Ներկաներ խոստացան իրենց մասնագիտութեան սահմաններու ծիրին մէջ կարելին ի գործ դնել՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մտադրութիւնը իրականութիւն դարձնելու եւ նման կարեւոր աշխատանք մը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։
Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց մեր ակադեմականներուն կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան ոգին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց պատրաստակամութեան համար՝ մեկնումի պահին բոլորին փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւնները։