ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՆԹՐԻՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԱՌԹԻՒ

Ե­շիլ­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը տա­րե­վեր­ջի առ­թիւ Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պեց ընթ­րիք մը, որ ա­ւան­դա­կան դար­ձած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ Այս հա­ւա­քոյ­թի պա­տուոյ հիւրն էր Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, ո­րու կող­քին էր Հայր Աբ­րա­համ Վրդ. Ֆրա­տեան եւ Ե­շիլ­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հրա­ւի­րեա­լե­րը, ո­րոնց շար­քին էր նաեւ վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի Ե­րա­մեան։ Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ ի­րենց զօ­րա­կից թա­ղե­ցի­նե­րը այս առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ ան­ցաւ ճաշ­կե­րոյ­թը, ո­րու տե­ւո­ղու­թեան յա­ճախ վեր­յի­շուե­ցաւ թա­ղին ան­ցեա­լը, նաեւ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան մեր կրթա­կան կեան­քի առ­կայ հար­ցե­րուն ու մա­նա­ւանդ լե­զուի պահ­պա­նու­թեան խնդրին շուրջ։

Ե­րե­կոյ­թի վեր­ջա­ւո­րու­թեան օրհ­նու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Գե­րա­պայ­ծա­ռը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015