ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Ամանորի սեմին Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Երէկ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու ընթացքին ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէնները արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար եւս այցելուներու շարքին էին։ Քէրմէսը կազմակերպած ծնողաց միութեան կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները.

Փոլիաննա Աքսու (ատենապետուհի), Լիզա Չուլհաճը, Ալիս Քէօրօղլու, Վիքտորիա Կիրկին, Էմիրէ Աքճան, Այնուր Վուրալ, Սուզաննա Տաղճը եւ Նելլի Գրիգորեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018