ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Մարիամ Տրամէրեանը, Նազարէթ Պալը եւ Օշին Էլակէօզը, որոնց հետ ունեցանք հաճելի եւ անմիջական զրոյց մը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը արդէն բոլորած է իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ վարչութիւնը որոշած է այս հանգրուանը նշել պատշաճ շուքով։ Հիւրերը մեզի տեղեկացուցին, որ ամսավերջին նախատեսուած է պաշտօնական ընթրիք մը։ Նախ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն մը պիտի կատարուի՝ ոգեկոչելու համար Ուսուցչաց հիմնարկի հոգելոյս հիմնադիրները, վարչայինները, անդամներն ու սատարողները, իսկ աւելի վերջ պաշտօնական ընթրիքի մը ձեւաչափին մէջ վարչութիւնը հաստատութեան յոբելեանին առթած ուրախութիւնը պիտի բաժնէ համայնքային շրջանակներուն հետ։ Այս շրջագծով հիմնարկի վարչութիւնը պիտի հիւրասիրէ իր անդամները, Ուսուցչաց միութեան անդամները, հիմնարկի յարակից մարմիններու աշխատակիցները, վարժարան հովանաւորող մատակարար մարմիններու վարիչները եւ կրթասէր շրջանակներէ դէմքեր։
Հիւրերը զրոյցի ընթացքին ընդգծեցին, թէ հանդիսութիւններուն ընդառաջ լոյս տեսած է նաեւ հիմնարկի 50-ամեակին ձօնուած գրքոյկ մը, որու պատրաստութիւնները տեսնուած են բազմամեայ ու նուիրեալ ատենադպիր Արամ Գամպուրեանի կողմէ։