ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻ ՏԻԿԻՆՆԵՐԸ 2016-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ ձեռ­նարկ մը։ Ծա­նօթ է, որ ծնո­ղաց միու­թիւ­նը պար­բե­րա­բար յա­ջող ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ, ի նպաստ դպրո­ցին։

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թեան եր­կու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան եւ Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեան, ո­րոնք մե­զի բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին ի­րենց հեր­թա­կան ծրագ­րին շուրջ։ Այս­պէս, ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն այս շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րա­կա­նաց­նել կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը՝ միաս­նա­բար ող­ջու­նե­լու հա­մար 2016-ի տա­րե­մու­տը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016