ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳարակէօզեաՆ ԵՐԷԿ Ոգեկոչուեցաւ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Տիգ­րան է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեան ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցաւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով։ Ծա­նօթ է, որ ա­մէն տա­րի հան­գու­ցեալ Տիգ­րան է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեան մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով մը կ՚ո­գե­կո­չուի՝ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս տա­րուան հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան, ու­րա­րա­կիր Գա­րե­գին Ա­ւե­տի­քեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Յա­րու­թիւն Սրկ. Սար­գի­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ Ուխ­տա­ւոր դպրաց կող­մէ։ Պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Գա­րա­կէօ­զեան­ցի սա­ներ ստա­ցան Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րով ո­գե­կո­չուե­ցան Տիգ­րան է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեանն ու ըն­տա­նի­քը, ինչ­պէս նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան բո­լոր սա­տա­րող­նե­րը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կալ­ներ, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ։ Գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րուն միա­ցան նաեւ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը կէ­սօ­րուան ճա­շով մը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­նոնք ճա­շէն վերջ շրջայց մը կա­տա­րե­ցին Կեդ­րո­նա­կա­նի եր­դի­քին տակ։ Ստեղ­ծուած ջերմ մթնո­լոր­տին մէջ ար­ծար­ծուե­ցան մեր կրթա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր։ 

 

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017