ՀԻՒՐԵՐՈՎ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Այսօր Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, յետմիջօրէի ժամերուն կ՚իրականանայ ձեռնարկը, որու առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը կ՚անցընէ հիւրերով շաբաթավերջ մը։ 

Այսօրուան գինեձօնին առթիւ քաղաքս ժամանած են Սփիւռքէն երեք յայտնի մտաւորականներ՝ Իշխան Ճիֆթճեան (Համպուրկ), Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Եորք) եւ Վահէ Թաշճեան (Պերլին)։ Երեւանէն ալ փութացած է Սագօ Արեան։ Երէկ երեկոյեան մեր բոլոր հիւրերը համախմբուեցան թերթիս խմբագրատան երդիքին տակ, ուր իրենց միացան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան, գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան եւ խմբագրակազմէն Այլին Գօչունեան։ Անմիջական զրոյց մը տեղի ունեցաւ եւ այս առթիւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը կատարուեցաւ այսօրուան ձեռնարկի ծրագրին շուրջ։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի թերթիս խմբագրատան մէջ նկարահանուած խմբանկար մը։ 

 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016