ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳ

Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ գեղարուեստական երեկոյթ մը։ Մեներգիչ Ասատուր Պալճեան, դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու, ասմունքող Տիանա Չիլինկարեան ու նոյնպէս մեներգիչ Տիգրան Պեսքիսիզեան ճոխ յայտագիր մը գործադրելով հաճելի ժամանց պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։

Ձեռնարկին ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները։

Երեկոյթի աւարտին յայտագրի մասնակից արուեստագէտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018