ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ առաւօտ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Առաջաւորաց պահքի առթիւ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հաւատացեալներ։

Քարոզիչ հայր սուրբը, արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Առաջաւորաց պահքի նշանակութեան մասին։ Հայր սուրբը շեշտեց հոգեւոր արժէքներով բարոյապէս զօրանալու կարեւորութիւնը եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Եկեղեցւոյ հայրապետները մարդը բնութագրած են՝ որպէս հոգեղէն եւ հողեղէն արարած։ Հետեւաբար, պահոց շրջանները մեր հոգիները առաւել եւս յիշելու եւ իրենց փրկութեան համար մեր մարմինները օգտագործելու հրամայականը մեր նկատառման կը յանձնեն։ Աղօթքներ, սուրբ գրային սերտողութիւններ, ծոմապահութիւններ կը ծառայեն այս ուղղութեամբ։ Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ ազգային-եկեղեցական պատմութենէն բխած ոգի մը, որ է հաւաքական ապաշխարանք եւ միաբանական կեանք։ Մենք՝ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս մասնաւորապէս պէտք է յիշենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն փոխանցուած հաւաքական հաւատքի ներկայութիւնն ու իր խորիմաստ նշանակութիւնը։ Այս շրջանը ի մասնաւորի քրիստոսակեդրոն կեանք ապրելու հրաւէր մըն է։ Հետեւաբար, մեր այսօրուան ներկայութեամբ վայելենք Տիրոջ շնորհած հոգեւոր սնունդի օրհնութիւնը եւ ջանանք՝ առաւել հաւատքով մօտենալու նոյն Աստուծոյ՝ մեր Փրկչին»։

Արարողութեան աւարտին ներկաներ միասնաբար երգեցին «Տէր ողորմեա»ն, որուն յաջորդեցին միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքն ու վերջին օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019