ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ դրական լուրեր հաղորդեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներու առողջական վիճակին կապակցութեամբ։

Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ, մեր հոգեւորականաց դասու անդամները գրեթէ ամբողջական կազմով մասնակցութիւն բերած էին Ս. Ղեւոնդեանց տօնակատարութեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդ քայլափոխին ստուգուած էր, որ օրուայ պատարագիչը՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Մինչ տէր հայրը առնուած էր դարմանման տակ, անխուսափելիօրէն, մտահոգութիւն յառաջացած էր նաեւ հոգեւորականաց դասու միւս անդամներուն եւ օրուան արարողութեան մասնակիցներու առողջութեան բերումով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համագործակցութեամբ կազմակերպուած է հաւաքական քննութիւն մը։ Երէկ, Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի գաւիթին մէջ մասնագէտներու կողմէ կատարուած է այդ քննութիւնը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներէն ոեւէ մէկուն մօտ քորոնաժահրի ախտաճանաչում չէ յայտնաբերուած։

Այս ուրախառիթ իրադարձութեան արձագանգ հանդիսանալու առընթեր, համապատասխան զեկոյցին մէջ Պատրիարքարանի աղբիւրները բարձր գնահատանքով արտայայտուած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ շարժման անցուած միջոցներուն մասին։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021