ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու երկարամեայ հարցը երէկ նոր փուլ մը թեւակոխեց։ Այս բարդ հարցի պարագային հարցականներու վրայ հարցականներ կը բարդուին։ Այժմու նորութիւնը կը բնորոշուի միջանկեալ կարգադրութեան մը տպաւորութեամբ։ Թէեւ այս կարգադրութիւնը դրական է այն առումով, որ պատկան իշխանութիւնները կը գիտակցին ու կը դիտարկեն փոքրամասնական վաքըֆներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, սակայն, դժբախտաբար, այս ձեւով հեռու կը մնայ հիմնական լուծման համատարած ակնկալութիւնները գոհացնելէ։

Երէկ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմի ստորագրութեամբ հրապարակուած է շրջաբերական մը։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի կողմէ փոքրամասնական հաստատութիւններու ղեկավարութեանց փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այս շրջաբերականը հրապարակուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրահանգով։ Նկատի ունենալով, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը տակաւին փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու համար նոր ընտրական կանոնադրութիւն մը չէ պատրաստած՝ ներկայ տնօրինութիւնը կը ձգտի միջանկեալ լուծում մը գտնել առկայ խնդիրներուն։ Այսպէս, մինչեւ ընտրական նոր կանոնադրութեան հաստատումը կը նախատեսուի նշանակովի դրութեամբ համալրել համայնքային մարմիններու վարչական կազմերը։ Գործնականօրէն յառաջիկայ 31 մարտին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութենէն վերջ գործադրութեան մէջ պիտի մտնէ այս նոր տնօրինութիւնը։

Երէկ առաւօտ, Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ քննարկելու համար այս նոր կացութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, նոր տնօրինութեան բուն նպատակն է նուազագոյն վարչայինի թիւէն զրկուած վաքըֆներու պարագային մատակարար մարմնի կազմէն ներս պաշտօնի կոչել անձեր, որոնք ժողովուրդի կողմէ ընտրուած չըլլալով հանդերձ, պիտի ունենան պաշտօնական վաւերացում։ Նշանակովի այս ճանապարհով պիտի համալրուին համայնքային մարմիններու վարչական կազմերը։ Ըստ համայնքային զանազան վարիչներու մեկնաբանութեան, մահացած կամ հրաժարած վարչայիններու առընթեր, սա հնարաւորութիւն մըն է փոխարինելու համար այն վարչայինները, որոնք այլեւս յոգնած ու մաշած են բազմամեայ անընդհատ ծառայութեան բերումով։

Անշուշտ, նշանակումով լուծումներու պարագան մեր համայնքին տեսակէտէ կարելի չէ հարիւր տոկոսով հաշտ աչքով դիմաւորել։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով ներկայ դժուարութիւնները եւ առկայ բարդութիւններու ստեղծման ճանապարհին մեր համայնքին կողմէ մօտաւոր անցեալին գործուած հաւաքական սխալները՝ համայնքային շրջանակները ներկայ փուլին հակուած են պաղարիւնութեամբ ընկալել վիճակը եւ հետեւողական աշխատանք տանիլ, առանց վհատելու գործել ընտրութեան հեռանկարէն չզրկուելու համար։ Փոքրամասնութիւններու վաքըֆները ներկայ իշխանութիւններու շրջանին ունեցած են լուրջ ձեռքբերումներ, սակայն տարօրինակ զուգադիպութեամբ նոյնաժամանակ կը դիմագրաւեն առկախեալ ընտրութեան խնդիրները։ Այս միջանկեալ կարգադրութիւնը, որու ժամանակաւոր բնոյթն ալ ընդգծուած է, այժմ անմիջականօրէն կը բնորոշէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Այստեղ հիմնական տրամաբանութիւնը այն է, որ տուեալ վաքըֆի մատակարար մարմինը նոր անդամի մը թեկնածութիւնը իր սեփական կամքով պիտի առաջադրէ ու պիտի ներկայացնէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման։ Համայնքային վարիչները նոյնաժամանակ կը յիշեցնեն նաեւ ուրիշ պարագայ մը։ Արդարեւ, Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցը տասնամեակներէ ի վեր նման նշանակովի համակարգով մը կը ղեկավարուի եւ ընտրութիւն չի կազմակերպեր։ Թէեւ այդ ընտրութեան կազմակերպումը կը համարուի օրինական ստիպողութիւն մը, սակայն այդպէս ալ այդ հիւանդանոցը կը կառավարուի նշանակովի ձեւով շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր։ Այժմ, համայնքային շարք մը վարիչներ կը մտահոգուին այսպիսի հաւանականութիւններու բերումով, սակայն միւս կողմէ ակնյայտ է, որ բոլոր համայնքներն ալ ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնք միշտ հաշուի առնուած են պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։

Ուստի, այս փուլին համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարները սկսած են բազմակողմանիօրէն միտք յոգնեցնել այս նոր շրջաբերականի տրամադրութիւններուն եւ պատկան մարմիններու հետ ներդաշնակ համագործակցութեամբ ի վերջոյ աւանդական ընտրութեան հեռանկարին հասնելու հնարաւորութեան վրայ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019