ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐՈՎ
Պատրիարքարանի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հարցերու վերաբերեալ քննարկում մը։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուցած էր այս մասին։ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցած այս ժողովին առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան կարգ մը բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, սանուց միութիւններու, այլ ակումբներու, հայրենակցական միութիւններու եւ ոլորտին առընչուած այլ կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Խորհրդակցութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց նոր սերունդը առաւելագոյն չափով համայնքային կեանքին ներգրաւելու, մեր հաստատութիւններուն շուրջ համախմբելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան կարեւորեց նաեւ երիտասարդութիւնը մեր արժէքներուն, մշակոյթին ու ժառանգութեան հաղորդ պահելը։
Աւելի վերջ, ժողովականները կարծիքներ արտայայտեցին երիտասարդութեան ուղղեալ ձեռնարկներ կազմակերպելու, հրապուրիչ շարժումներ ստեղծելու նիւթերուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ իրերանման առաքելութեամբ հաստատութիւններու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Արքեպիսկոպոսարանը։ Իրեն կ՚ընկերանար Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ընդհանուր Փոխանորդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ։ Այսպէսով Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխադարձեց Ս. Զատկի առթիւ Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ Պատրիարքարան տրուած այցելութեան։ Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ անմիջական մթնոլորտով մտերմիկ զրոյց մը։
Բաց աստի, Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորական այցելութեան փութաց նաեւ Ասորի Կաթոլիկներու հոգեւոր կեդրոնը։