ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ

Տա­տեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քով մը։ «Hangisi Babası» ա­նուն զա­ւեշ­տը միու­թեան թա­տե­րա­խում­բին կող­մէ պի­տի բե­մադ­րուի՝ բե­մադ­րիչ Մերթ Ա­սու­թա­յի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Բե­մադ­րի­չի օգ­նա­կանն է Սե­լե­նա Խա­չի­կօղ­լու։

Ռէյ Քա­նէ­յի բե­մագ­րու­թեան հի­ման վրայ ձե­ւա­ւո­րուած խա­ղի դե­րա­կա­տար­ներն են՝ Նա­թա­լի Էօզ­քա­յա, Թո­րոս Փեհ­լի­վան, Աս­լին Ուս­թաա­րա­մօղ­լու, Ա­րաս Թեզ­ճան, Ա­դամ Արս­լան եւ Թա­թիա­նա Թու­մա­նեան։

Ներ­կա­յա­ցում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016